Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Շիրակ Գիւմրի, որ հիւրընկալեց Փիւնիկ Երեւանը, անկէ կրեց 5-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Առաջին կիսախաղին երեւանեան կազմը յաջողեցաւ նշանակել երեք անպատասխան կոլ:
Այս մրցումէն ետք, այժմ Փիւնիկ 25 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը, մինչ Շիրակ 13 կէտով` դասաւորման 9-րդ դիրքը: