Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանին ազդանշանը կը տրուի այսօր` շաբաթ, 22 մայիսին, երբ կը կատարուին Ա. հանգրուանի մրցումները:
Այսօր իր մրցումներուն կը սկսի նաեւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց կազմը, որ իր առաջին ճակատումը կը կատարէ Մարժապայի դէմ:
Անոնց միջեւ այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի ժամը 19:00-ին:
Մարժապայէն բացի, ՀՄԸՄ իրեն մրցակից պիտի ունենայ նաեւ Մուաուատը, Սալամ Սալիման, Ահլի Սայտան, Ժամիա Ալամիէն, Ժամհուրը եւ Շապապ Փլէյ Ֆոր Փիսը:
Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, բոլոր մրցումները տեղի պիտի ունենան առանց համակիրներու ներկայութեան:



