Աշխարհի աղջկանց թենիսի միջազգային դասաւորման երրորդ դիրքին վրայ գտնուող ռումանացի Սիմոնա Հալեփ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Ֆրանսայի թենիսի բաց ախոյեանութեան` «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի մրցաշարքին:
Ֆրանսական մարզական մամուլը յայտնեց, որ վիրաւոր Հալեփ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով պիտի բացակայի այս մրցաշարքէն:
Նշենք, որ այս մրցաշարքը այս տարի տեղի պիտի ունենայ 30 մայիսէն 12 յունիս: