Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ իր աւարտին կը հասնի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը:
Երէկ, 72 քկ դասակարգին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Մալխաս Ամոյեան, որ աւարտականին մրցեցաւ ուքրանացի Անտրէյ Քուլիքի դէմ, տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով եւ արձանագրելով 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Նշենք, որ նախքան աւարտականին հասնիլը, Ամոյեան արձանագրեց այլ տպաւորիչ յաղթանակ մը ազրպէյճանցի Խասայ Հասանլիի դէմ, 7-0 արդիւնքով:
Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ նաեւ Հրաչեայ Պօղոսեան, որ 63 քկ դասակարգի աւարտականին 4-1 արդիւնքով յաղթեց շուէտացի Նիքլաս Օհլենի:
Թէեւ Դաւիթ Օւասապեան (130 քկ) հասաւ աւարտականին, սակայն 5-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով իր ռուս մրցակիցէն` Միհայիլ Լափթեւէն, բաւարարուեցաւ արծաթ մետալով:
Իսկ 60 քկ դասակարգին մէջ Տիգրան Մինասեան հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր, սպանացի Խուան Սուչիի դէմ արձանագրելով 8-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: