Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 130 քկ դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Դաւիթ Օւասապեան իր արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Հայրենի ըմբիշը կիսաւարտականին իր կատարած ճակատումին արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը` 9-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով զուիցերիացի իր մրցակիցը:
Աւարտականին Օւասապեան պիտի մրցի ռուս Միհայիլ Լափթեւի դէմ:
Նշենք, որ աւարտական հանգրուան հասած է նաեւ Հրաչեայ Պօղոսեան, որ 63 քկ դասակարգին մէջ իրեն մրցակից պիտի ունենայ շուէտացի Նիքլաս Օհլենը:
Իսկ 77 քկ դասակարգին մէջ Սամուէլ Գրիգորեան, որ կիսաւարտականին պարտութիւն մը կրեց, այժմ պիտի պայքարի պրոնզէ մետալին համար: