Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան, Մանչեսթըր Սիթիի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ քաթալոնական Պարսելոնայի հետ, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ 32 տարեկան Ակուերօ շուտով երկու տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Պարսելոնայի հետ` նկատի ունենալով, որ ան մանչեսթըրեան ակումբը տեղեակ պահած է, որ չ՛ուզեր մաս կազմել անոր:
Անոր պայմանագրութիւնը Սիթիի հետ կ՛աւարտի 30 յունիսին:
Նշենք, որ ան անգլիական ակումբին միացաւ 2011-ին, Աթլեթիքօ Մատրիտէն: