Նախորդ շաբաթավերջին ազդանշանը տրուեցաւ Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան, երբ Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ կատարուեցան չորս մրցումներ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) մրցեցաւ Մարժապայի դէմ, արձանագրեց 4-2 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմին կոլերը նշանակեցին Շանթ Պալեան(13-րդ), Վաչէ Ղուկասեան (18-րդ եւ 37-րդ) եւ Սերժ Մելիքեան (30-րդ):
Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 29 մայիսին, նոյն վայրին մէջ եւ միեւնոյն ժամուն (19:00), ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի Մուաուատի դէմ, որ իր կարգին, բացման հանգրուանին յաղթանակ մը արձանագրեց Սալամ Սալիմայի դէմ (7-1):