Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող Ալաշկերտի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Ալեքսանտր Գրիգորեան նշանակուեցաւ ակումբի նոր գլխաւոր մարզիչ:
Ալաշկերտի ղեկավարութիւնը իր գումարած ժողովին ընթացքին որոշեց երկկողմանի համաձայնութեամբ մը խզել պայմանագրութիւնը Աբրահամ Խաշմանեանի եւ անոր մարզչական խմբակին հետ:
Ակումբին հիմնադիր-սեփականատէր Բագրատ Նաւոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց մարզիչներուն միացեալ աշխատանքին համար եւ անոնց մաղթեց յաջողութիւն: