Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, այսօր կը յստականան 2020-2021 տարեշրջանի ախոյեանի եւ Բ. դասակարգ փոխադրուող խումբերուն անունները:
Վերջին հանգրուանի մրցումներուն նախօրեակին, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ Մատրիտ ունի 83 կէտ, մինչ անոր ետին գտնուող Ռէալ Մատրիտ` 81 կէտ:
Ինչպէս ծանօթ է, Պարսելոնա (3-րդ), որ ունի 76 կէտ, դուրս մնացած է ախոյեանութեան պայքարէն:
Աթլեթիքօ Մատրիտ հիւրը պիտի ըլլայ նախավերջին դիրքը գրաւող Ռէալ Վայատոլիտին, մինչ Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Վիարէալը (7-րդ):
Երկու մրցումներուն ալ ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):



