Նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Ախոյեանութեան տիտղոսին համար պայքարը կ՛ընթանար մատրիտեան երկու կազմերու` Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ:
Առաջինին պարագային յոյսերը աւելի շատ էին` նկատի ունենալով, որ անիկա ունէր երկու կէտի առաւելութիւն մը:
Թէեւ երկու կազմերն ալ վերջին հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեցին, սակայն 2020-2021 տարեշրջանի ախոյեան դարձաւ Տիեկօ Սիմէոնէի գլխաւորած կազմը` Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ նախավերջին դիրքը գրաւող Ռէալ Վայատոլիտի դաշտէն:
Մրցումին 67-րդ վայրկեանին Աթլեթիքոյի յաղթանակի կոլը նշանակեց Լուիս Սուարեզ:
Վերջին անգամ Աթլեթիքօ Մատրիտ Սպանիոյ ախոյեան հանդիսացած էր 2014-ին:
Իսկ Ռէալ Մատրիտ նոյն արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին Վիարէալին: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Քարիմ Պենզեմա եւ Լուքա Մոտրիչ:
Պարսելոնա, որ գրաւեց երրորդ դիրքը, վերջին հանգրուանին 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Էյպարի դաշտէն, շնորհիւ` Անթուան Կրիզմանի նշանակած կոլին:
Վերոնշեալ յաղթական երեք կազմերուն հետ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի մրցաշարքի իր տոմսը ապահովեց Սեւիլլա (4-րդ):
Իսկ Ռէալ Սոսիետատ (5-րդ) ապահովեց «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին իր տոմսը:
Վերջին երեք դիրքերը գրաւող կազմերը` Հուեսքա, Ռէալ Վայատոլիտ եւ Էյպար, փոխադրուեցան Բ. դասակարգ:



