Իտալական հանրածանօթ «Քալչիօ մերքաթօ» լրատուամիջոցը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան կ՛ուզէ տարեշրջան մը եւս մնալ իր ակումբին` Ա. Էս. Ռոմայի հետ:
Նշուեցաւ, որ Մխիթարեանի փոխանցման գործերով զբաղող իտալացի Մինօ Ռայոլայի եւ փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիոյի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք հրապարակուեցաւ այս լուրը:
Այս ամառ, Մուրինիօ պիտի ստանձնէ Ա. Էս. Ռոմայի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը` փոխարինելով փորթուգալցի իր ազգակիցը` Փաուլօ Ֆոնսեքան:
Մուրինիօ եւ Մխիթարեան նախապէս աշխատած են իրարու հետ, երբ անոնք երկուքը մաս կը կազմէին Մանչեսթըր Եունայթըտի:
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») ընթացիկ տարեշրջանին, 32 տարեկան Մխիթարեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 33 մրցումի` նշանակելով 12 եւ կատարելով 10 էսիսթ: