Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանի հրաւէրով, երէկ Հայաստան հասաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին խմբապետ, «Չեմփիընզ Լիկ»-ի եռակի տիտղոսակիր, փորձառու յետսապահ Ֆերնանտօ Հիերօ, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Յառաջիկայ օրերուն ան դասախօսութեամբ հանդէս պիտի գայ Երեւանի մէջ մարզիչներու համար կազմակերպուած յատուկ համաժողովին ընթացքին:
Նշենք, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելէն ետք, Հիերօ կը զբաղի մարզչական աշխատանքով:
Ան աշխատած է նաեւ Ռէալ Մատրիտի մարզիչներու խմբակին մէջ, եղած է Ռէալ Օվիետոյի մարզիչ, իսկ 2018-ին ընդգրկուած է Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչներու խմբակին մէջ:



