«Սթատ Տը Ֆրանս»-ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումին, ՓարիզՍեն Ժերմեն, որ մրցեցաւ Մոնաքոյի դէմ` արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Յաղթական կազմին երկու անպատասխան կոլերը նշանակեցին Մաուրօ Իքարտի (19-րդ) եւ Քիլիան Էմպափէ (81-րդ):
Այսպիսով, մայրաքաղաքի կազմը իր պատմութեան մէջ 14-րդ անգամ ըլլալով բարձրացուց այս մրցաշարքին բաժակը: