Մարզական

Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեանի Երրորդ Յաջորդական  Հաւասարութիւնը

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեանի Երրորդ Յաջորդական Հաւասարութիւնը

Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող «Կրանտ Չես Թուր»-ի դասական ճատրակի մրցաշարքի երրորդ հանգրուանի մրցումներուն, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական հաւասարութիւնը, այս անգամ` ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանայի դէմ: Երկու կրանտմասթըրները 34-րդ շարժումին որոշեցին իրարմէ բաժնուիլ հաւասարութեամբ: Արոնեան, որ իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք ունեցաւ 1,5 կէտ, 4-րդ հանգրուանին պիտի մրցի հոլանտացի Անիշ Կիրիի դէմ: Մրցաշարքը իր աւարտին կը...

Հայկական Ֆութպոլ.  Ալեքսանտր Կարապետեան Միացաւ  Հայաստանի Փոխախոյեան Նոային

Հայկական Ֆութպոլ. Ալեքսանտր Կարապետեան Միացաւ Հայաստանի Փոխախոյեան Նոային

Երեւանի Նոա ֆութպոլի ակումբը երէկ պայմանագրութիւն մը կնքեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 33 տարեկան յառաջապահ Ալեքսանտր Կարապետեանի հետ: Հայրենի ֆութպոլիստին վերջին ակումբը եղաւ Արարատ-Արմենիան: 2021-ի ձմրան Արարատ-Արմենիայի միացած Կարապետեան իր կազմին հետ կատարեց 12 մրցում` նշանակելով 4 կոլ եւ կատարելով էսիսթ մը: Ինչպէս ծանօթ է, 2020-2021 տարեշրջանին Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացաւ Արարատ-Արմենիա:

Կռփամարտ.  Էրիկ Բազինեանի Հերթական  Յաղթանակը` Նաք Աութով

Կռփամարտ. Էրիկ Բազինեանի Հերթական Յաղթանակը` Նաք Աութով

Քանատան ներկայացնող հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Էրիկ Բազինեան նախորդ շաբաթավերջին իր հերթական յաղթանակը արձանագրեց արհեստավարժ ռինկի վրայ: 25 տարեկան կռփամարտիկը, որ Մեքսիքայի մէջ մենամարտեցաւ ամերիկացի Սքոթ Սիկմընի դէմ, իր յաղթանակը արձանագրեց նաք աութով: Նշենք, որ Բազինեան, որ արհեստավարժ ռինկի վրայ կատարեց իր 26-րդ ճակատումը, յաջողեցաւ արձանագրել իր 26-րդ յաղթանակը: Ան այսպիսով արձանագրեց իր 20-րդ յաղթանակը` նաք աութով: Ան իր վերջին մենամարտը...

«Ռոլան Կարոս».  Ճոքովիչ Ապահովեց Քառորդ  Աւարտականի Իր Տոմսը

«Ռոլան Կարոս». Ճոքովիչ Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ երէկ ապահովեց Ֆրանսայի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին` «Ռոլան-Կարոս»-ի կրան շլեմի քառորդ աւարտական հանգրուանի իր տոմսը, երբ մեծ պայքար մը մղելէ ետք իտալացի Լորենցօ Մուսեթթիի դէմ արձանագրեց 6-7, 6-7, 6-1, 6-0 եւ 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Անոնց միջեւ տեղի ունեցած վերջին սեթին, իտալացի մարզիկը չկրցաւ իր ելոյթը շարունակել: Քառորդ...

Սպանիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակ.  Մրցաշարքը Մինչեւ 2029  Տեղի Պիտի Ունենայ  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ

Սպանիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակ. Մրցաշարքը Մինչեւ 2029 Տեղի Պիտի Ունենայ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքը մինչեւ 2029 տեղի պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Սպանիոյ ֆետերասիոնը այդ ժամանակամիջոցը երկարաձգելու համամիտ գտնուեցաւ` նկատի ունենալով, որ նախկին համաձայնագիրը կ՛աւարտէր 2026-ին: Նշուեցաւ, որ այդ տարիներուն ընթացքին Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պիտի ստանայ 240-էն 320 միլիոն եւրօ` մրցաշարքը Սէուտական Արաբիոյ մէջ կատարելու համար: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ յունուար ամսուան երկրորդ...

Պորուսիա Տորթմունտ 200 Միլիոն Եւրօ  Կը Պահանջէ Էրլինկ Հաալանտի Համար

Պորուսիա Տորթմունտ 200 Միլիոն Եւրօ Կը Պահանջէ Էրլինկ Հաալանտի Համար

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, գերմանական ֆութպոլի խումբերէն Պորուսիա Տորթմունտ իր նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտի փոխանցման համար կը պահանջէ 200 միլիոն եւրօ: Նշուեցաւ, որ 20 տարեկան ֆութպոլիստով ցարդ հետաքրքրուած են Մանչեսթըր Եունայթըտ, Մանչեսթըր Սիթի, Չելսի, Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա: «Թրանսֆերմարքեթ»-ի համաձայն, ֆութպոլիստին փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 110 միլիոն եւրոյով: Նշենք, որ 2020-2021 տարեշրջանին ան իր ակումբին հետ կատարեց 40 մրցում, նշանակեց...

Հաքի.  Քանատա Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան

Հաքի. Քանատա Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան

Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած հաքիի աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումին, Քանատա յետ երկարաձգման 3-2 արդիւնքով յաղթելով Ֆինլանտայի, հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան: Նշենք, որ Ֆինլանտա աշխարհի գործող ախոյեանն էր: Այսպիսով, Քանատա 27-րդ անգամ ըլլալով հանդիսանալով ախոյեան, հաւասարեցաւ Ռուսիոյ, որ իր կարգին տիտղոսին տիրացած է 27 անգամ: Երրորդ դիրքի մրցումին, Միացեալ Նահանգներ 6-1 արդիւնքով յաղթեցին Գերմանիոյ:  

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Վաղը` ՀՄԸՄ-Շապապ Մաժտալ Այնճար

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ 1-0 Արդիւնքով Յաղթեց Շապապ Մաժտալ Այնճարի

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Ճիւնիի Ֆուատ Շեհապ մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շապապ Մաժտալ Այնճարը: Մրցումը վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց Սերժ Օսքեան, 19-րդ վայրկեանին: Մաժտալ Այնճարի կազմը թէեւ փորձեց նշանակել իր հաւասարութեան կոլը` լաւ յարձակումներ կազմակերպելով, սակայն ՀՄԸՄ-ի մարզիկները մնացին անդրդուելի...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Կազմը` Յաղթական

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Կազմը` Յաղթական

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) մրցեցաւ Շապապ Փլէյ Ֆոր Փիս խումբին դէմ: Այս մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն յաղթանակով` 4-3 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սերժ Մելիքեան (5-րդ), Քամալ Ահրաժ (9-րդ եւ 16-րդ) եւ Խաչիկ Սերոբեան (34-րդ): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ ՀՄԸՄ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի Պէյրութի Աղջիկներուն  Առաջին Պարտութիւնը` Պէյրութէն

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութի Աղջիկներուն Առաջին Պարտութիւնը` Պէյրութէն

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 6 յունիսին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ Պէյրութ հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը: Մրցումը աւարտեցաւ Պէյրութի կազմին յաղթանակով` 56-50 արդիւնքով: Նշենք, որ այս պարտութիւնը Ռիատիի աղջիկներուն համար եղաւ տարեշրջանի առաջինը: Անիկա այժմ Պէյրութի նման արձանագրած է 8 յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը: Պէյրութէն Ռեպեքքա Աքըլ նշանակեց 20 կէտ, Նաթալի Սվաճեան`...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին  Անպարտելի Շարքը Վերջ Գտաւ Շուէտի Դէմ Մրցումին

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Անպարտելի Շարքը Վերջ Գտաւ Շուէտի Դէմ Մրցումին

Խուաքին Քափարոսի գլխաւորութեամբ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին անպարտելի շարքը չշարունակուեցաւ 10-րդ մրցումին: Աշխարհի փոխախոյեան Խրուաթիոյ դէմ արձանագրուած հաւասարութենէն (1-1) չորս օր ետք հայրենի կազմը, որ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական այլ մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ «Եւրօ-2020»-ի մրցաշարքին պատրաստուող Շուէտի դէմ, անկէ կրեց 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Նշենք, որ Հայաստան եւ Շուէտ առաջին անգամ ըլլալով է, որ իրարու դէմ յանդիման կու գային: Սպանացի...

Հայաստանի Ֆութպոլի 21 Տարեկանէն Վար  Հաւաքականը Հասաւ Ֆարօ Կղզիներ

Հայաստանի Ֆութպոլի 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Հասաւ Ֆարօ Կղզիներ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը երէկ հասաւ Ֆարօ կղզիներ, ուր  պիտի մրցի դաշտին տիրոջ դէմ: Երկու կազմերուն հաւաքականները, «Եու. Է. Էֆ. Ա.-Եւրօ-2021»-ի զտումի Ը. խմբակի մրցումներուն, վաղը` երեքշաբթի, 8 յունիսին պիտի մրցին իրարու դէմ: Իր ժամանումէն կարճ ժամանակ ետք, արդէն իսկ հաւաքականը սկսաւ իր փորձերուն: Նշենք, որ երէկ հաւաքականին միացան Ժիրայր...

Կռփամարտիկ Արման Դարչինեան  Ողիմպիական Խաղերու Տոմս Մը Ապահովեց

Կռփամարտիկ Արման Դարչինեան Ողիմպիական Խաղերու Տոմս Մը Ապահովեց

Նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ողիմպիական խումբը համալրուեցաւ յաւելեալ մարզիկով մը: Արդարեւ, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի վարկանշային մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն, Արման Դարչինեան, որ առաւելութեան հասաւ վրացի Կէորկի Քխարապածէի դէմ իր կատարած մենամարտին` 3-2 արդիւնքով, Հայաստանի համար ապահովեց ողիմպիական խաղերու երկրորդ տոմսը: Առաջին տոմսը ապահոված էր Կորիւն Սողոմոնեան:    

Աթլեթիզմ.  Հայրենի Մարզիկները Հինգ Մետալի Տիրացան  Եւրոպայի Փոքր Երկիրներու Ախոյեանութեան

Աթլեթիզմ. Հայրենի Մարզիկները Հինգ Մետալի Տիրացան Եւրոպայի Փոքր Երկիրներու Ախոյեանութեան

Սան Մարինոյի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի փոքր երկիրներու աթլեթիզմի ախոյեանութեան, Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականին անդամները տիրացան հինգ մետալի (3 արծաթ եւ 2 պրոնզ), այս մասին յայտնեց Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Աղջկանց 800 մեթր վազքի մրցումներուն երկրորդ հանդիսացաւ Էլլադա Ալավերդեան (2: 16: 10): Երուանդ Մկրտչեան եւս հանդիսացաւ երկրորդ` 3000 մեթր վազքի մրցումներուն (8: 14: 46): Արծաթէ մետալի տիրացաւ նաեւ Գոռ Բեգլարեան`...

Ճատրակ. «Կրանտ Չես Թուր».  Լեւոն Արոնեան Արձանագրեց  Իր Երկրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Ճատրակ. «Կրանտ Չես Թուր». Լեւոն Արոնեան Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող «Կրանտ Չես Թուր»-ի դասական ճատրակի միջազգային «Տը Սուփըրպեթ Չես Քլասիք» մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ սեւ քարերով մրցեցաւ ամերիկացի Ուելի Սոյի դէմ, 30-րդ շարժումին անոր հետ արձանագրեց հաւասարութիւն մը: Իր կատարած առաջին ճակատումին եւս Արոնեան արձանագրած էր հաւասարութիւն մը ռումանացի Քոնսթանթին Լուփուլեսքուի դէմ` դարձեալ սեւ քարերով: Գ. հանգրուանին Արոնեան մրցակիցը...

2030-ի Մոնտիալ.  Սպանիա Եւ Փորթուգալ Միասնաբար  Իրենց Թեկնածութիւնը Առաջադրեցին

2030-ի Մոնտիալ. Սպանիա Եւ Փորթուգալ Միասնաբար Իրենց Թեկնածութիւնը Առաջադրեցին

Նախորդ շաբաթավերջին Սպանիոյ եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոններուն նախագահները պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ երկու երկիրները իրենց թեկնածութիւնը առաջադրեցին` հիւրընկալելու համար 2030-ի Մոնտիալի աւարտական հանգրուանի մրցումները: Նշուեցաւ, որ երկու երկիրներու ֆետերասիոնները իրենց թեկնածութիւնը առաջադրող այս պայմանագրութիւնը ստորագրեցին` իրենց երկրին կառավարութեան հաւանութիւնը եւ զօրակցութիւնը ստանալէ ետք: Նշենք, որ 2022-ի Մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ Քաթարի մէջ, մինչ 2026-ի Մոնտիալը` Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Մեքսիքայի մէջ:...

2022-ի Մոնտիալ.  Կուաթեմալայի Զտումի Մրցումներուն Բացառիկ Մրցանիշը

2022-ի Մոնտիալ. Կուաթեմալայի Զտումի Մրցումներուն Բացառիկ Մրցանիշը

Նախորդ շաբաթավերջին 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, «Քոնքաքաֆ»-ի շրջանին մէջ Կուաթեմալա զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ 10-0 արդիւնքով յաղթեց Սեն Վենսան եւ Թրինիտատին: Կուաթեմալայի արձանագրած այս յաղթանակը` զտումի մրցումներուն, նկատուեցաւ աշխարհի նոր մրցանիշ մը` նկատի ունենալով, որ անոր այդ տասը կոլերը նշանակուեցան տասը տարբեր խաղացողներու կողմէ (վեցը հիմնական, չորսը` պահեստի): Նախկին մրցանիշը կը բաժնէին Ճափոն, Աւստրալիա եւ Տաճիկիստան...

«Ռոլան Կարոս».  Ռոժէ Ֆետերեր Հրաժարեցաւ  Պայքարը Շարունակել

«Ռոլան Կարոս». Ռոժէ Ֆետերեր Հրաժարեցաւ Պայքարը Շարունակել

Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին թենիսի 20 կրան շլեմի միջազգային տիտղոսներու տիրացած փորձառու եւ անուանի թենիսմեն Ռոժէ Ֆետերեր նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնական ելոյթով մը հանդէս գալով յայտարարեց, որ կը հրաժարի շարունակելու Ֆրանսայի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքը` «Ռոլան Կարոս»-ը: 39 տարեկան զուիցերիացին, որ ապահոված էր Դ. հանգրուանի իր տոմսը եւ պէտք էր մրցէր իտալացի Մաթէօ Պերեթինիի հետ, քաշուեցաւ մրցաշարքէն: «Խումբիս հետ կատարած քննարկումներէս...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Վաղը` ՀՄԸՄ-Շապապ Մաժտալ Այնճար

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ-Շապապ Մաժտալ Այնճար

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 6 յունիսին, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Շապապ Մաժտալ Այնճարի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ճիւնիի Ֆուատ Շեհապ մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կը սպասուի ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել եւ մրցակիցէն խլել առաւելագոյն երեք կէտը` լաւապէս գործադրելով իրենց փորձառու մարզիչին` Վաչէ Սարգիսեանի...

Ֆութսալ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ- Շապապ Փլէյ Ֆոր Փիս

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ- Շապապ Փլէյ Ֆոր Փիս

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 5 յունիսին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը պիտի մրցի Շապապ Փլէյ Ֆոր Փիս խումբին դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ): Նշենք, որ ՀՄԸՄ ցարդ արձանագրած է յաղթանակ մը եւ հաւասարութիւն մը:  

Page 501 of 1279 1 … 500 501 502 … 1,279

Արխիւներ