Նախորդ շաբաթավերջին 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, «Քոնքաքաֆ»-ի շրջանին մէջ Կուաթեմալա զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ 10-0 արդիւնքով յաղթեց Սեն Վենսան եւ Թրինիտատին:
Կուաթեմալայի արձանագրած այս յաղթանակը` զտումի մրցումներուն, նկատուեցաւ աշխարհի նոր մրցանիշ մը` նկատի ունենալով, որ անոր այդ տասը կոլերը նշանակուեցան տասը տարբեր խաղացողներու կողմէ (վեցը հիմնական, չորսը` պահեստի):
Նախկին մրցանիշը կը բաժնէին Ճափոն, Աւստրալիա եւ Տաճիկիստան (9-0), որոնց կոլերը նշանակած էին 9 տարբեր ֆութպոլիստներ: