Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Եւ Պէյրութ Կէտերու Մեծ Տարբերութեամբ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երկու ճակատումներ: Սաժես արձանագրեց բաւական տպաւորիչ եւ կէտերու մեծ տարբերութեամբ յաղթանակ մը, երբ 122-71 արդիւնքով (11-32, 41-54, 58-97 եւ 71-122) յաղթական վերադարձաւ Անիպալ Զահլէի դաշտէն: Յաղթական կազմէն Նետիմ Սուէյտ նշանակեց 32 կէտ, մինչ Անիպալէն Քրիսթոֆըր Մաալուֆ` 33 կէտ: Իսկ Պէյրութ, որ հիւրընկալեց Աթլասը, իր կարգին արձանագրեց մեծ յաղթանակ մը`...




















