Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Ճիւնիի Ֆուատ Շեհապ մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շապապ Մաժտալ Այնճարը:
Մրցումը վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց Սերժ Օսքեան, 19-րդ վայրկեանին:
Մաժտալ Այնճարի կազմը թէեւ փորձեց նշանակել իր հաւասարութեան կոլը` լաւ յարձակումներ կազմակերպելով, սակայն ՀՄԸՄ-ի մարզիկները մնացին անդրդուելի եւ իրենց մրցակիցէն յաջողեցան խլել առաւելագոյն երեք կէտերը:
Այստեղ պէտք է նշել, որ ՀՄԸՄ-ի բոլոր մարզիկներն ալ անխտիր լաւապէս գործադրեցին իրենց մարզիչին` Վաչէ Սարգիսեանին տուած բոլոր ցուցմունքները: