Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 6 յունիսին, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Շապապ Մաժտալ Այնճարի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ճիւնիի Ֆուատ Շեհապ մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կը սպասուի ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել եւ մրցակիցէն խլել առաւելագոյն երեք կէտը` լաւապէս գործադրելով իրենց փորձառու մարզիչին` Վաչէ Սարգիսեանի կատարած ցուցմունքները: