Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող «Կրանտ Չես Թուր»-ի դասական ճատրակի միջազգային «Տը Սուփըրպեթ Չես Քլասիք» մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ սեւ քարերով մրցեցաւ ամերիկացի Ուելի Սոյի դէմ, 30-րդ շարժումին անոր հետ արձանագրեց հաւասարութիւն մը:
Իր կատարած առաջին ճակատումին եւս Արոնեան արձանագրած էր հաւասարութիւն մը ռումանացի Քոնսթանթին Լուփուլեսքուի դէմ` դարձեալ սեւ քարերով:
Գ. հանգրուանին Արոնեան մրցակիցը պիտի ըլլայ ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանա, որ այժմ յառաջատարն է 1,5 կէտով:
Մրցաշարքը կ՛աւարտի 15 յունիսին:
«Կրանտ Չես Թուր»-ը բաղկացած է հինգ մրցաշարքէ: Անոր մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 1, 275 միլիոն ամերիկեան տոլար:
«Տը Սուփըրպեթ Չես Քլասիք»-ը այդ հինգ մրցաշարքերէն առաջինն է: