Խուաքին Քափարոսի գլխաւորութեամբ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին անպարտելի շարքը չշարունակուեցաւ 10-րդ մրցումին:
Աշխարհի փոխախոյեան Խրուաթիոյ դէմ արձանագրուած հաւասարութենէն (1-1) չորս օր ետք հայրենի կազմը, որ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական այլ մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ «Եւրօ-2020»-ի մրցաշարքին պատրաստուող Շուէտի դէմ, անկէ կրեց 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Նշենք, որ Հայաստան եւ Շուէտ առաջին անգամ ըլլալով է, որ իրարու դէմ յանդիման կու գային:
Սպանացի մասնագէտ Քափարոս, բաղդատմամբ նախորդ մրցումին, իր կազմին մէջ կատարեց հինգ փոփոխութիւն եւ դարձեալ որոշեց կիրարկել 4-4-2 խաղաոճը:
Ա. կիսախաղի դադարէն ետք, Քափարոս իր կազմին մէջ կատարեց չորս փոփոխութիւն` դաշտ ներկայացնելով Արտակ Գրիգորեանը, Խորէն Բայրամեանը, Կարէն Մուրատեանը եւ Տիգրան Բարսեղեանը:
Մրցումին 64-րդ վայրկեանին, սլովաքիական Ժիլինայի միջնապահ Վահան Բիչախչեան նշանակեց հայրենի կազմին միակ կոլը: Ան այսպիսով նշանակեց իր առաջին կոլը` Հայաստանի հաւաքականին հետ:
73-րդ վայրկեանին դաշտ մուտք գործեց Արարատ-Արմենիայի յետսապահ Ալպերթ Խաչումեան, որ այսպիսով իր նորամուտը նշեց Հայաստանի հետ:
Սակայն հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Հայաստան յաջորդաբար 11-րդ մրցումն ըլլալով յաջողեցաւ կոլ նշանակել:




