Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 6 յունիսին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ Պէյրութ հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը:
Մրցումը աւարտեցաւ Պէյրութի կազմին յաղթանակով` 56-50 արդիւնքով:
Նշենք, որ այս պարտութիւնը Ռիատիի աղջիկներուն համար եղաւ տարեշրջանի առաջինը: Անիկա այժմ Պէյրութի նման արձանագրած է 8 յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը:
Պէյրութէն Ռեպեքքա Աքըլ նշանակեց 20 կէտ, Նաթալի Սվաճեան` 17 կէտ, իսկ Այտա Պախոս` 15 կէտ:
Իսկ Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Շիրին Շերիֆ (17 կէտ):



