Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ երէկ ապահովեց Ֆրանսայի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին` «Ռոլան-Կարոս»-ի կրան շլեմի քառորդ աւարտական հանգրուանի իր տոմսը, երբ մեծ պայքար մը մղելէ ետք իտալացի Լորենցօ Մուսեթթիի դէմ արձանագրեց 6-7, 6-7, 6-1, 6-0 եւ 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Անոնց միջեւ տեղի ունեցած վերջին սեթին, իտալացի մարզիկը չկրցաւ իր ելոյթը շարունակել:
Քառորդ աւարտականի մրցումներուն Ճոքովիչի մրցակիցը պիտի ըլլայ այլ իտալացի մը` Մաթէօ Պերրեթթինի (9-րդ):
Դ. հանգրուանի մրցումներուն յաղթանակ արձանագրեց նաեւ 3-րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ:
Նշենք, որ մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 34,3 միլիոն եւրօ:



