Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) մրցեցաւ Շապապ Փլէյ Ֆոր Փիս խումբին դէմ:
Այս մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն յաղթանակով` 4-3 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սերժ Մելիքեան (5-րդ), Քամալ Ահրաժ (9-րդ եւ 16-րդ) եւ Խաչիկ Սերոբեան (34-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ ցարդ անպարտելի է, 7 կէտով կը շարունակէ մնալ երրորդ դիրքին վրայ: