Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին թենիսի 20 կրան շլեմի միջազգային տիտղոսներու տիրացած փորձառու եւ անուանի թենիսմեն Ռոժէ Ֆետերեր նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնական ելոյթով մը հանդէս գալով յայտարարեց, որ կը հրաժարի շարունակելու Ֆրանսայի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքը` «Ռոլան Կարոս»-ը:
39 տարեկան զուիցերիացին, որ ապահոված էր Դ. հանգրուանի իր տոմսը եւ պէտք էր մրցէր իտալացի Մաթէօ Պերեթինիի հետ, քաշուեցաւ մրցաշարքէն:
«Խումբիս հետ կատարած քննարկումներէս ետք եկայ այն եզրակացութեան, որ պէտք է դադրեցնեմ մասնակցութիւնս անոր: Ծունկի երկու վիրաբուժութիւններէ եւ աւելի քան մէկ տարուան ապաքինումի հոլովոյթէ ետք, ինծի համար շատ կարեւոր է ուշադիր ըլլալ եւ չարագացնել վերջնական ապաքինումի փուլը:
«Շուտով կը հանդիպինք` տեղի ունենալիք այլ մրցաշարքերու ընթացքին», ըսաւ Ֆետերեր: