Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքը մինչեւ 2029 տեղի պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ մէջ:
Սպանիոյ ֆետերասիոնը այդ ժամանակամիջոցը երկարաձգելու համամիտ գտնուեցաւ` նկատի ունենալով, որ նախկին համաձայնագիրը կ՛աւարտէր 2026-ին:
Նշուեցաւ, որ այդ տարիներուն ընթացքին Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պիտի ստանայ 240-էն 320 միլիոն եւրօ` մրցաշարքը Սէուտական Արաբիոյ մէջ կատարելու համար:
Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ յունուար ամսուան երկրորդ կամ երրորդ շաբաթը:
Նշենք, որ անոր կը մասնակցին Սպանիոյ ախոյեանը, փոխախոյեանը, բաժակակիրը եւ բաժակի աւարտականին հասնող խումբը:
Յաջորդ մրցաշարքին անոր պիտի մասնակցին Աթլեթիքօ Մատրիտ, Ռէալ Մատրիտ, Պարսելոնա եւ Աթլեթիք Պիլպաօ:



