Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող «Կրանտ Չես Թուր»-ի դասական ճատրակի մրցաշարքի երրորդ հանգրուանի մրցումներուն, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական հաւասարութիւնը, այս անգամ` ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանայի դէմ: Երկու կրանտմասթըրները 34-րդ շարժումին որոշեցին իրարմէ բաժնուիլ հաւասարութեամբ:
Արոնեան, որ իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք ունեցաւ 1,5 կէտ, 4-րդ հանգրուանին պիտի մրցի հոլանտացի Անիշ Կիրիի դէմ:
Մրցաշարքը իր աւարտին կը հասնի 15 յունիսին: