Նախորդ շաբաթավերջին Սպանիոյ եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոններուն նախագահները պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ երկու երկիրները իրենց թեկնածութիւնը առաջադրեցին` հիւրընկալելու համար 2030-ի Մոնտիալի աւարտական հանգրուանի մրցումները:
Նշուեցաւ, որ երկու երկիրներու ֆետերասիոնները իրենց թեկնածութիւնը առաջադրող այս պայմանագրութիւնը ստորագրեցին` իրենց երկրին կառավարութեան հաւանութիւնը եւ զօրակցութիւնը ստանալէ ետք:
Նշենք, որ 2022-ի Մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ Քաթարի մէջ, մինչ 2026-ի Մոնտիալը` Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Մեքսիքայի մէջ: