Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 5 յունիսին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը պիտի մրցի Շապապ Փլէյ Ֆոր Փիս խումբին դէմ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):
Նշենք, որ ՀՄԸՄ ցարդ արձանագրած է յաղթանակ մը եւ հաւասարութիւն մը: