Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած հաքիի աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումին, Քանատա յետ երկարաձգման 3-2 արդիւնքով յաղթելով Ֆինլանտայի, հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան:
Նշենք, որ Ֆինլանտա աշխարհի գործող ախոյեանն էր:
Այսպիսով, Քանատա 27-րդ անգամ ըլլալով հանդիսանալով ախոյեան, հաւասարեցաւ Ռուսիոյ, որ իր կարգին տիտղոսին տիրացած է 27 անգամ:
Երրորդ դիրքի մրցումին, Միացեալ Նահանգներ 6-1 արդիւնքով յաղթեցին Գերմանիոյ:



