Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը երէկ հասաւ Ֆարօ կղզիներ, ուր պիտի մրցի դաշտին տիրոջ դէմ:
Երկու կազմերուն հաւաքականները, «Եու. Է. Էֆ. Ա.-Եւրօ-2021»-ի զտումի Ը. խմբակի մրցումներուն, վաղը` երեքշաբթի, 8 յունիսին պիտի մրցին իրարու դէմ:
Իր ժամանումէն կարճ ժամանակ ետք, արդէն իսկ հաւաքականը սկսաւ իր փորձերուն:
Նշենք, որ երէկ հաւաքականին միացան Ժիրայր Շաղոյեան եւ Արման Ներսէսեան` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ իրենց մասնակցութիւնը բերելէ ետք Շուէտի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին:
Իսկ կազմէն դուրս մնացած են միջնապահ Նարեկ Ալավերդեան եւ յառաջապահ Լեւոն Վարդանեան:




