Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար աղջկանց ախոյեանութեան «Չելընճ» մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը, որուն արդիւնքին լոյսին տակ Հայաստան մաս կազմեց Ե. խմբակին:
Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Մակեդոնիա, Մալթա, Ալպանիա եւ Վրաստան:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան 9-14 օգոստոսին, Վրաստանի մէջ: