Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Լուքա Մոտրիչ ընտրուեցաւ Խրուաթիոյ տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Լաւագոյն մարզիկի ընտրութեան մասնակցեցան մարզիչներն ու արհեստավարժ ֆութպոլիստները:
Նշենք, որ ան 8-րդ անգամ ըլլալով կը ճանչցուի իբրեւ Խրուաթիոյ լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Այստեղ նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին 35 տարեկան միջնապահը Ռէալ Մատրիտի հետ իր գործող պայմանագրութիւնը մէկ տարիով երկարաձգեց:
Իսկ Խրուաթիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Տինամօ Զաղրեպի յառաջապահ Պրունօ Փեթքովիչ, մինչ անոր խմբակից Տոմինիք Լիվաքովիչ ստացաւ լաւագոյն բերդապահի մրցանակը: