Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Եւրոպայի պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար աղջկանց ախոյեանութեան «Չելընճ» մրցաշարքի Դ. խմբակի մրցումները տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ:
Դ. խմբակին մէջ Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Յունաստան, Զուիցերիա, Ուքրանիա եւ Ալպանիա:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան 13-18 յուլիսին, Երեւանի նախկին Միքա մարզահամալիրին մէջ: