Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը, որ երէկ Եւրոպայի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ կատարեց իր առաջին մրցումը Ը. խմբակին մէջ, կրեց իր առաջին պարտութիւնը Ֆարօ կղզիներէն` 2-0 արդիւնքով:
Հայրենի կազմը իր այս մրցումը կատարեց իր մրցակիցին դաշտին վրայ:
Հայաստանի խմբակին մէջ են նաեւ Ֆրանսա, Սերպիա, Ուքրանիա եւ Մակեդոնիա:
Աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իրենց տոմսերը կ՛ապահովեն իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքը գրաւողները, որոնց կու գան միանալու լաւագոյն երկրորդ դիրքը գրաւած հինգ խումբեր:



