Երէկ` երկուշաբթի, 7 յունիսին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց բաժակի մրցաշարքի 2020-2021 տարեշրջանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 15 խումբեր. հինգը` Ա. դասակարգէն, հինգը` Բ. դասակարգէն, չորսը` Գ. դասակարգէն, իսկ մէկը` Դ. դասակարգէն:
Վիճակաձգութիւնը տուաւ հետեւեալ պատկերը.
Աթլաս-Շանվիլ, Լիբանանեան բանակ-Անդրանիկ Պէյրութ, Ամշիթ-Տինամօ, Պիպլոս-Լիտըրզ, Սաժես-Ֆէյթրուն, Ժըսըր Պաշա-Ժուփիթեր եւ Անթոնին-Քահրապա:
Ռիատի Պէյրութ ուղղակիօրէն ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը` վիճակաձգութեան ընթացքին (խումբերուն անզոյգ ըլլալուն պատճառով):
Նշենք, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը շուտով պիտի հրապարակէ մրցումներուն կայացման վայրը, ժամն ու թուականը: