Լոս Անճելըս Լէյքըրզի աստղեր Լեպրոն Ճէյմս եւ Էնթընի Տէյվիս Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի ազգային խումբին հետ իրենց մասնակցութիւնը պիտի չբերեն Թոքիոյի մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերուն:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, անոնք այդ խաղերէն պիտի բացակային տարեշրջանին ընթացքին շատ յաճախ վնասուածքներ ստացած ըլլալնուն համար:
Իսկ Սթեֆըն Քարիի (Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ) եւ Տեմիըն Լիլարտի (Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ) մասնակցութեան մասին ցարդ ոչինչ կը յայտարարուի եւ անոնց մասնակցութեան հաւանականութիւնը 50 առ հարիւր է:
Նշենք, որ Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն մեկնարկը պիտի տրուի 23 յուլիսին: