Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, 8 յունիսին, ՀՄԸՄ Պէյրութ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Հուփսը:
Մրցումը վերջ գտաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 85-54 արդիւնքով (12-20, 20-45, 39-66 եւ 54-85):
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քարլ Զալլում (13 կէտ), մինչ անոր խմբակից Շարպել Սաատ նշանակեց 11 կէտ:
Իսկ յաղթական կազմէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Կապրիել Սալիպի (22 կէտ), մինչ անոր խմբակից Եուսեֆ Ղանթուս նշանակեց 18 կէտ:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ, որ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 17 կէտ, կրեց տարեշրջանի իր 13-րդ պարտութիւնը, իր արձանագրած երկու յաղթանակին կողքին:
Օրուան իրաւարարներն էին Ռապիհ Մասրի, Ռապիհ Խուրի եւ Ռիշար Հաժ: խմբակից Տոմինիք Լիվաքովիչ ստացաւ լաւագոյն բերդապահի մրցանակը: