Լացիօ Ռոմայի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ Մաուրիցիօ Սարրի նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ:
Իտալացի մասնագէտին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2023:
Սարրի փոխարինեց իտալացի Սիմոնէ Ինցակին, որ գլխաւորեց Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ինթեր Միլանը:
Նշենք, որ Սարրի մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին նախապէս գլխաւորած է Նափոլին, Եուվենթուսը եւ լոնտոնեան Չելսին:
Անոր հետ Եուվենթուս հանդիսացած է Իտալիոյ ախոյեան:
 
			


