Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի աղջկանց ֆութպոլի եւ 19 տարեկանէն վար հաւաքականները սկսան նախապատրաստուիլ յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցումներուն:
Նշենք, որ աղջկանց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է Արմէն Սանամեան:
Անոր գլխաւորութեամբ հաւաքականը պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցումներ Ղազախստանի դէմ (12 եւ 15 յունիսին):
Իսկ 19 տարեկանէն վար հաւաքականը իր նախապատրաստութենէն ետք 12 յունիսին պիտի մեկնի Պիելոռուսիա, ուր երկու մրցում պիտի կատարէ Պիելոռուսիոյ իր հասակակիցներուն դէմ (13 եւ 15 յունիս):