Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ, մարզիկներու ամառնային փոխանցման ընթացքին կրնայ հեռանալ իր ակումբէն, այս յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Եուվենթուս բաւական մօտէն հետաքրքրուած են Տեմպելէով, թէեւ միեւնոյն ժամանակ ալ կը նշուի, որ Պարսելոնա կը փափաքի անոր առաջարկել նոր պայմանագրութիւն մը:
Եթէ Պարսելոնա չկարենայ անոր հետ համաձայնութեան գալ, անոր փոխանցման համար պիտի պահանջէ 50 միլիոն եւրօ:
Անոր գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2022-ին:
 
			


