Ստեփան Աւագեանի յիշատակին նուիրուած ճատրակի մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ Ջերմուկի մէջ, երէկ կատարուեցան 4-րդ հանգրուանի մրցումները:
Այս հանգրուանէն ետք, ապահովելով 3-ական կէտ, Դաւիթ Պառաւեան (Ռուսիայէն) եւ Շանթ Սարգսեան կը շարունակեն մնալ յառաջատարներ:
2,5 կէտով երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Տիգրան Յարութիւնեան:
Նշենք, որ մրցաշարքին կը մասնակցին տասը ճատրակ խաղացողներ:
Անիկա ՖԻՏԷ-ի 15-րդ կարգի մրցաշարք մըն է` 2602 միջին վարկանիշով: