Ջերմուկի մէջ տեղի ունեցող Ստեփան Աւագեանի յիշատակին նուիրուած ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք յառաջատարն է Ռուսիոյ ներկայացուցիչը` Դաւիթ Պառաւեան, որ իր տրամադրութեան տակ ունի 3,5 կէտ:
3-ական կէտ ունին Շանթ Սարգսեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Տիգրան Յարութիւնեան:
Նշենք, որ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 10 ճատրակ խաղացողներ: