Համաամերիկեան ճատրակի 2021-ի զտումի մրցումներուն իր արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ, պրազիլահայ Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան յաջողեցաւ ապահովել ՖԻՏԷ-ի ճատրակի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը:
120 մասնակցողներէն միայն ութ խաղացողներն էին, որոնք ստացան այս մրցաշարքին մասնակցելու իրենց տոմսերը:
Իր կատարած վերջին երկու ճակատումներուն, Մխիթարեան յաղթեց իր քուպացի երկու մրցակիցներուն:
Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 12 յուլիսէն 3 օգոստոսին, Սոչիի մէջ (Ռուսիա):