Եուվենթուսին մաս կազմող փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ երէկ հանդիպում ունեցաւ ակումբի նոր նշանակուած մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց իր ապագան:
Ըստ սպանական մամուլին, Փարիզ Սեն Ժերմեն արդէն իսկ բանակցութիւններու սկսած է 36 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման գործողութիւններով զբաղող Ժորժէ Մենտեսի հետ:
Նշուեցաւ, որ Եուվենթուս դէմ չէ ֆութպոլիստին այլ կազմի մը միանալուն, մանաւանդ որ անոր փոխանցումէն կ՛ակնկալէ 25-30 միլիոն եւրօ:
Եուվենթուսի հետ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2022-ի ամառ:
Իսկ անոր տարեկան աշխատավարձը կը կազմէ 31 միլիոն եւրօ: