Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան երէկ արձանագրեց իր հինգերորդ յաջորդական հաւասարութիւնը` «Սուպրըպեթ Չես Քլասիք» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին:
5-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Արոնեան, որ մրցեցաւ ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի դէմ, անոր հետ ճերմակ քարերով արձանագրեց հաւասարութիւն մը` 46-րդ շարժումին:
Արոնեան այժմ 2,5 կէտով կը գրաւէ 7-րդ դիրքը:
Ուեսլի Սօ, Ալեքսանտր Կրիսչուք եւ Շահրիար Մամետեարով, որոնք ունին 3-ական կէտ, կը բաժնեն առաջին դիրքը:
Մրցաշարքը,որ բաժնուած է 10 հանգրուանի, իր աւարտին կը հասնի 15 յունիսին: Իսկ անոր մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 325 հազար եւրօ: