Մարզական

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի  Ընտրութիւններ.  ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչ Վահրամ Պարսումեան  Թեկնածու` Նոր Ընտրութիւններուն

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչ Վահրամ Պարսումեան Թեկնածու` Նոր Ընտրութիւններուն

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երեքշաբթի, 15 յունիսին, իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, որ երկու թեկնածուներ` Հաշեմ Հայտար եւ Մուսա Հըժէյժ իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնին համար, մինչ 18 ուրիշներ թեկնածու ներկայացած են ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն: Այդ 18-ին կարգին է նաեւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչը` Վահրամ Պարսումեան, որ արդէն իսկ նստաշրջանի մը համար մաս կը կազմէր ֆետերասիոնին, նախորդ չորս...

«Եւրօ-2020».  Իտալիա Ապահովեց Փլէյ Օֆի Մրցումներուն Իր Տոմսը. Թուրքիա Կրեց Իր Երկրորդ Պարտութիւնը

«Եւրօ-2020». Իտալիա Ապահովեց Փլէյ Օֆի Մրցումներուն Իր Տոմսը. Թուրքիա Կրեց Իր Երկրորդ Պարտութիւնը

«Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Ա. խմբակին մաս կազմող Իտալիա, որ Հռոմի ողիմպիական դաշտին վրայ մրցեցաւ Զուիցերիոյ դէմ, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` դարձեալ 3-0 արդիւնքով: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Իտալիա ապահովեց փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը: Մանուէլ Լոքաթելլի նշանակեց Իտալիոյ երկու կոլերը: Նոյն խմբակին մէջ, Թուրքիա կրեց իր երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ` Կալեսէն, 2-0 արդիւնքով, Պաքուի մէջ...

Ըմբշամարտ.  Անդրանիկ Աւետիսեան Եւ Արէն Իսրայէլեան`  Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութեան Ախոյեաններ

Ըմբշամարտ. Անդրանիկ Աւետիսեան Եւ Արէն Իսրայէլեան` Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութեան Ախոյեաններ

Հայաստանի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Աւետիսեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի պատանեկան ախոյեանութեան ախոյեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Պուլկարիոյ Սամոքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցող 55 քկ դասակարգի մրցումներուն, հայրենի ըմբիշը, որ աւարտականին ճակատեցաւ վրացի Թամազի Սուլամանիցէի դէմ, արձանագրեց 11-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նախքան աւարտականին հասնիլը, ան յաղթեց իր ռուս (14-3), ռումանացի (10-0) եւ ազրպէյճանցի (10-5) մրցակիցներուն: Նոյն իրագործումը...

Հրաչեայ Ռոստոմեան Հանդիպեցաւ  Պասքեթպոլի Մարզիչներու Հետ

Հրաչեայ Ռոստոմեան Հանդիպեցաւ Պասքեթպոլի Մարզիչներու Հետ

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հրաչեայ Ռոստոմեան երէկ հանդիպեցաւ պասքեթպոլի մարզիչներուն հետ: Այս հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընթացիկ աշխատանքները եւ յառաջիկային իրագործուելիք ծրագիրները, որոնց կարգին` յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար աղջկանց ախոյեանութեան  «Չելընճ»-ի կայացումը: Անոնք նաեւ անդրադարձան Հայաստանի պատանեկան ախոյեանութիւններու արդիւնքներուն: Նշենք, որ «Չելընճ» մրցաշարքի Դ. խմբակին մրցումները տեղի պիտի ունենան 13-18 յուլիսին, Երեւանի նախկին Միքա մարզահամալիրին մէջ:...

2022-ի Մոնտիալ.  Գերմանիա-Հայաստան Մրցումը  Տեղի Պիտի Ունենայ Շթութկարթի Մէջ

2022-ի Մոնտիալ. Գերմանիա-Հայաստան Մրցումը Տեղի Պիտի Ունենայ Շթութկարթի Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ Գերմանիա-Հայաստան մրցումը տեղի պիտի ունենայ Շթութկարթի մէջ գտնուող «Մերսետես Պենզ Արենա» մարզադաշտին վրայ: Նշենք, որ այս մրցումը, որ կ՛իյնայ Ժ. խմբակին մէջ, տեղի պիտի ունենայ 5 սեպտեմբերին: Զտումի Գ. հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայաստան այժմ 9 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Գերմանիա ունի 6 կէտ:  

Հայկական Ֆութպոլ.  Փիւնիկ 2 Ֆութպոլիստներու  Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ 2 Ֆութպոլիստներու Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ ակումբը երկու ֆութպոլիստներու պայմանագրութիւնը երկարաձգեց: Նշուեցաւ, որ բերդապահ Սթանիսլաւ Պուչնեւի եւ միջնապահ Արթուր Գրիգորեանի պայմանագրութիւնները երկարաձգուեցան ակումբին կողմէ: Անոնք երկուքը Փիւնիկին միացած էին 2020-ի ամրան:  

Գրիգորի Բաբայեան Շատ Հաւանաբար Նշանակուի  Մոսկուայի Բանակայիններու Մարզիչ

Գրիգորի Բաբայեան Շատ Հաւանաբար Նշանակուի Մոսկուայի Բանակայիններու Մարզիչ

Ղազախստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Թոպոլի գլխաւոր մարզիչ Գրիգորի Բաբայեան շատ հաւանաբար գլխաւորէ Ռուսիոյ Ա. դասակարգին մէջ հանդէս եկող Մոսկուայի բանակայինները, այս մասին յայտնեց ռուսական մամուլը: Նշուեցաւ, որ 41 տարեկան Բաբայեան հեռացաւ Թոպոլէն, որուն գլխաւոր մարզիչ նշանակուած էր 2019-ին: Ղազախստանի աւարտած ախոյեանութեան Թոպոլ գրաւած էր երկրորդ դիրքը: Ըստ ռուսական մամուլին, կը խօսուի նաեւ հայ մասնագէտի` Նիժկի Նովկորոտի (Ռուսիա) մարզիչի պաշտօնի ստանձնումին մասին:...

Վարազդատ Աւետիսեան Գլխաւորեց Հայաստանի  Ֆութպոլի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը

Վարազդատ Աւետիսեան Գլխաւորեց Հայաստանի Ֆութպոլի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը

Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Վարազդատ Աւետիսեան, որ նախապէս արդէն իսկ գլխաւորած էր 17 եւ 19 տարեկանէն վար հաւաքականները: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ նախկին գլխաւոր մարզիչ Արտակ Օսէեանի հետ պայմանագրութիւնը խզուեցաւ փոխադարձ համաձայնութեամբ: 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, Վարազդատ Աւետիսեանի գլխաւորութեամբ, պիտի պատրաստուի Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան: Նշենք, որ հաւաքականը 18-22 յունիսին մարզական...

«Փրեմիեր Լիկ».  2021-2022 Տարեշրջանի Առաջին Հանգրուանի  Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

«Փրեմիեր Լիկ». 2021-2022 Տարեշրջանի Առաջին Հանգրուանի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ երէկ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր-Լիկ») 2021-2022 տարեշրջանի առաջին հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Նոր տարեշրջանին մեկնարկը կը տրուի 14 օգոստոսին, մինչ ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումը կը կատարուի 22 մայիս 2022-ին: Երկրին ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի Ա. հանգրուանի մրցումներուն հիւրը պիտի ըլլայ Թոթենհամին, փոխախոյեան Մանչեսթըր Եունայթըտ կը հիւրընկալէ Լիծ Եունայթըտը, մինչ Լիվըրփուլ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի Պէյրութ-ՀՄԸՄ Պէյրութ` 121-44

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ-ՀՄԸՄ Պէյրութ` 121-44

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ռիատի Պէյրութ-ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը: Անիկա վերջ գտաւ հիւրընկալ կազմին` Ռիատիի յաղթանակով, 121-44 արդիւնքով (24-9, 67-12, 89-21 եւ 121-44): ՀՄԸՄ-էն 10 կէտ նշանակեց Սէրուժ Աւետիսեան, Քարլօ Ահարոնեան` 6 կէտ,  Նարեկ Շաննաքեան` 4 կէտ, իսկ Ալեքս Քետիքեան` 2 կէտ: Իսկ Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց...

Թենիսի Յատուկ Տաղանդներ Ունեցողներու  Իւրայատուկ Մրցաշարք

Թենիսի Յատուկ Տաղանդներ Ունեցողներու Իւրայատուկ Մրցաշարք

Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը եւ «Սփորթց Մանիա» միացեալ մամլոյ ասուլիս մը տալով պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ տեղի պիտի ունենայ թենիսի մրցաշարք մը` այս մարզաձեւին մէջ յատուկ տաղանդ ունեցող անհատ մարզիկներու համար: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ, ֆետերասիոնի այլ անդամներ, «Սփորթ Մանիա»-ի նախագահ Թարեք Ապպուտ, մարզիչ Ռիշար Հաժ, մարզական լրագրողներ, ինչպէս նաեւ մարզիկներ: Նշենք, որ այս մամլոյ ասուլիսը...

«Եւրօ-2020». Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Մրցանիշ Մը Հաստատեց.  Ֆրանսա-Գերմանիա` 1-0

«Եւրօ-2020». Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Մրցանիշ Մը Հաստատեց. Ֆրանսա-Գերմանիա` 1-0

Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Եւրօ-2020») հինգերորդ օրը, երէկ` երեքշաբթի, 15 յունիսին կատարուեցան երկու մրցումներ` Զ. խմբակին մէջ: Հունգարիա-Փորթուգալ մրցումին մեկնարկը հազիւ տրուած, փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ արդէն իսկ մրցանիշ մը հաստատեց` նկատի ունենալով, որ ան ֆութպոլի պատմութեան մէջ հանդիսացաւ միակ ֆութպոլիստը, որ կը մասնակցի հինգ ախոյեանութիւններու: Նախապէս Եուվենթուսի յառաջապահը մասնակցած էր 2004-ի, 2008-ի, 2012-ի եւ 2016-ի ախոյեանութիւններուն: Վերջինին ան Փորթուգալի հետ...

Հայաստանի Աղջկանց Ֆութպոլի Ազգային  Եւ 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականները  Պարտութիւններ Կրեցին

Հայաստանի Աղջկանց Ֆութպոլի Ազգային Եւ 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականները Պարտութիւններ Կրեցին

Հայաստանի աղջկանց ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ երէկ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ իր երկրորդ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումը կատարեց Ղազախստանի դէմ, պարտուեցաւ 3-0 արդիւնքով, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ առաջին մրցումին Հայաստան արձանագրած էր 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, նոյն մարզադաշտին վրայ: Իսկ Հայաստանի աղջկանց 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ Մինսքի մէջ դարձեալ հիւրը եղաւ...

«Էմ. Էմ. Էյ. »  Կարէն Գիլոյեան Ընդունեց Վարշամ Գէորգեանը

«Էմ. Էմ. Էյ. » Կարէն Գիլոյեան Ընդունեց Վարշամ Գէորգեանը

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան երէկ` երեքշաբթի, 15 յունիսին ընդունեց «ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ. »-ի (խառն մարտարուեստ) արհեստավարժ մարզիկներ Վարշամ Գէորգեանը, Նարեկ Աւագեանը եւ մարզիչ Արմէն Սողոյեանը:   Նախարարի տեղակալը հետաքրքրուեցաւ Վարշամ Գէորգեանի` ազրպէյճանցի Էլմար Իպրահիմովի դէմ 25 յունիսին «ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.»-ի արհեստավարժ մրցաշարքին գծով տեղի ունենալիք մենամարտին մասին, որ պիտի կատարուի Ալմաթիի մէջ (Ղազախստան): Նշենք,...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Ալաշկերտի Մրցակիցը Ա. Հանգրուանի  Մրցումին` Կալեսի Ախոյեանը

«Չեմփիընզ Լիկ». Ալաշկերտի Մրցակիցը Ա. Հանգրուանի Մրցումին` Կալեսի Ախոյեանը

Երէկ` երեքշաբթի, 15 յունիսին զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի 2020-2021 տարեշրջանի ախոյեան Ալաշկերտ Երեւան, զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն իրեն մրցակից պիտի ունենայ Կալեսի ախոյեան Քոնաս-Քի Նոմատսին: Անոնց միջեւ երթի մրցումը պիտի կատարուի 7 յուլիսին, իսկ դարձի մրցումը` 14 յուլիսին:  

Էտկար Մովսէսեան Միացաւ  Փիւնիկ Երեւանի

Էտկար Մովսէսեան Միացաւ Փիւնիկ Երեւանի

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 22 տարեկան միջնապահ Էտկար Մովսէսեան միացաւ իրենց կազմին: Մովսէսեան, որ Բանանցի (ներկայիս Ուրարտու) սան է, նախապէս մաս կազմած է Ֆորեսթայի (Ռումանիա), Նոայի եւ Վանի: Նշենք, որ Փիւնիկ Երեւան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանը աւարտեց 7-րդ դիրքին վրայ:  

«Քոփա Ամերիքա».  Արժանթին 1-1 Արդիւնքով Ոչ Համոզիչ  Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Չիլիի Հետ

«Քոփա Ամերիքա». Արժանթին 1-1 Արդիւնքով Ոչ Համոզիչ Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Չիլիի Հետ

«Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. խմբակին մաս կազմող Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբը երէկ 1-1 արդիւնքով ոչ համոզիչ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Չիլիի հետ: Արժանթինի կոլը նշանակեց Լիոնել Մեսսի 33-րդ վայրկեանին, մինչ Էտուարտօ Վարկաս` Չիլիի հաւասարութեան կոլը (57-րդ): Իր նշանակած այս կոլին շնորհիւ, 33 տարեկան Մեսսի, որ Արժանթինի ազգային խումբին հետ նշանակեց իր 39-րդ կոլը` պաշտօնական մրցումներու...

Մահասեն Ֆաթթուհ Ողիմպիական Խաղերուն  Տոմս Ապահոված Լիբանանցի Երկրորդ Մարզիկը

Մահասեն Ֆաթթուհ Ողիմպիական Խաղերուն Տոմս Ապահոված Լիբանանցի Երկրորդ Մարզիկը

Թոքիօ-2020-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն մեկնարկը տրուելէն գրեթէ շուրջ ամիս մը առաջ, աշխարհի տարածքին տարբեր տեսակի մարզաձեւերուն մէջ զտումի մրցումները կը շարունակուին եւ մարզիկներ ամէն գնով կը պայքարին ողիմպիական տոմս ապահովելու համար իրենց երկրին համար: Իրենց կարգին, լիբանանցի մարզիկներն ալ կը պայքարին տոմս ապահովելու համար: Ռէյ Պասիլէն ետք (նշանառութիւն) Մահասեն Ֆաթթուհ հանդիսացաւ երկրորդ կին մարզիկը, որ Լիբանանի համար ապահովեց ողիմպիականի տոմս...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Շանվիլ-Պիպլոս` 95-64

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ-Պիպլոս` 95-64

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, 14 յունիսին Շանվիլ, որ Տիք Մըհտիի մէջ հիւրընկալեց Պիպլոսը, արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը` 95-64 արդիւնքով (18-12, 45-33, 71-40 եւ 95-64): Յաղթական կազմին եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ժոզեֆ Շարթունի (23 կէտ), մինչ անոր խմբակից Էլի Ռըսթոմ նշանակեց 22 կէտ: Մրցումին իրաւարարներն էին Մարուան Էկօ, Զիատ...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ. »  Ռոժէ Ֆըղալի Լիբանանի Գարնանային  Ռելիին Տիտղոսակիրը` 15-րդ Անգամ Ըլլալով

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ. » Ռոժէ Ֆըղալի Լիբանանի Գարնանային Ռելիին Տիտղոսակիրը` 15-րդ Անգամ Ըլլալով

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Լիբանանի 36-րդ գարնանային ռելիին տիտղոսակիրը հանդիսացաւ լիբանանցի փորձառու վարորդ Ռոժէ Ֆըղալի, որ այսպիսով այս տիտղոսին տիրացաւ 15-րդ անգամ ըլլալով: Ռոտրիկ Ռահի գրաւեց երկրորդ դիրքը, մինչ Ռոժէ Ֆըղալի որդին` Ալեքս, հանդիսացաւ երրորդ: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը կազմակերպիչ ակումբին` «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. »-ի պատասխանատուներուն կողմէ:

Page 497 of 1279 1 … 496 497 498 … 1,279

Արխիւներ