Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, 14 յունիսին Շանվիլ, որ Տիք Մըհտիի մէջ հիւրընկալեց Պիպլոսը, արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը` 95-64 արդիւնքով (18-12, 45-33, 71-40 եւ 95-64):
Յաղթական կազմին եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ժոզեֆ Շարթունի (23 կէտ), մինչ անոր խմբակից Էլի Ռըսթոմ նշանակեց 22 կէտ:
Մրցումին իրաւարարներն էին Մարուան Էկօ, Զիատ Թաննուս եւ Ատել Խուէյրի: