Թոքիօ-2020-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն մեկնարկը տրուելէն գրեթէ շուրջ ամիս մը առաջ, աշխարհի տարածքին տարբեր տեսակի մարզաձեւերուն մէջ զտումի մրցումները կը շարունակուին եւ մարզիկներ ամէն գնով կը պայքարին ողիմպիական տոմս ապահովելու համար իրենց երկրին համար:
Իրենց կարգին, լիբանանցի մարզիկներն ալ կը պայքարին տոմս ապահովելու համար:
Ռէյ Պասիլէն ետք (նշանառութիւն) Մահասեն Ֆաթթուհ հանդիսացաւ երկրորդ կին մարզիկը, որ Լիբանանի համար ապահովեց ողիմպիականի տոմս մը, այս պարագային` ծանրաբարձութեան մրցումներուն:
Նշենք, որ ան այսպիսով հանդիսացաւ առաջին կին մարզիկը, որ այս մարզաձեւին մէջ Լիբանանի համար տոմս մը կ՛ապահովէ: