Մարզական

Սպանական Ֆութպոլ.  Ռայօ Վայեքանօ Վերադարձաւ «Լա Լիկա»

Սպանական Ֆութպոլ. Ռայօ Վայեքանօ Վերադարձաւ «Լա Լիկա»

Սպանիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ օֆի դարձի հանգրուանի մրցումին ծիրին մէջ, Ռայօ Վայեքանօ յաջողեցաւ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրել Կիրոնայի դաշտին վրայ: Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած երթի մրցումը աւարտած էր Կիրոնայի յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Ռայօ Վայեքանօ յաջողեցաւ վերադառնալ Ա. դասակարգ եւ յառաջիկայ տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Լա Լիկա»-ի ախոյեանութեան:  

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մարզիկները Իրենց  11 Անպատասխան Կոլերը Նուիրեցին  Ներսէս Ներսէսեանի Յիշատակին

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մարզիկները Իրենց 11 Անպատասխան Կոլերը Նուիրեցին Ներսէս Ներսէսեանի Յիշատակին

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը մրցեցաւ դասաւորման վերջին դիրքին վրայ գտնուող Ժամհուրի դէմ: Թէեւ ՀՄԸՄ փորձեց մրցումը յետաձգել, սակայն Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ անիկա պէտք է տեղի ունենայ իր ճշդուած թուականին: Նշենք, որ ՀՄԸՄ կ՛ուզէր մրցումը յետաձգել` նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի անդամներէն` Ներսէս Ներսէսեան մահացած...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ-Ուահտեթ Մարըժ` 1-0

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-Ուահտեթ Մարըժ` 1-0

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը 1-0 արդիւնքով բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Ուահտեթ Մարըժ խումբին դէմ: ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց Սերժ Օսքեան` 60-րդ վայրկեանին: Վարդան Պոյաճեան կատարեց նշանակուած այս կոլին էսիսթը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ թէեւ խոյս տուաւ վերջին դիրքէն, սակայն Դ....

Աղջկանց Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս-«Եու. Էս. Ժի.-1875»`68-37

Աղջկանց Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս-«Եու. Էս. Ժի.-1875»`68-37

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը արձանագրեց իր 5-րդ յաղթանակը` 68-37 արդիւնքով պարտութեան մատնելով «ԵՈՒ. ԷՍ. ԺԻ.-1875»-ը (21-15, 46-20, 59-27 եւ 68-37): ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ յետաձգուած մրցում մը ունի կատարելիք եւ կրած է 5 կէտ, այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 15 կէտ եւ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը: 21-ական կէտ ունին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պէյրութ -ՀՄԸՄ Պէյրութ` 74-63

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ -ՀՄԸՄ Պէյրութ` 74-63

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ Շիահի մարզադաշտին վրայ հիւրը եղաւ Պէյրութին, անկէ կրեց 74-63 արդիւնքով պարտութիւն մը (8-9, 26-28, 45-50 եւ 74-63): ՀՄԸՄ-էն 19 կէտ նշանակեց Քերիմ Ժատայել, մինչ նոյնքան կէտ նշանակեց Պէյրութէն Փաթրիք Պու Ապպուտ: Մրցումին իրաւարարներն էին Ճենիֆըր Ամմուրի, Սերճիօ Քասսապ եւ Ռոժէ Օպէյտ:    

Թեքուանտօ.  Ասիոյ 24-րդ Ախոյեանութիւնը Երէկ Գիշեր  Հասաւ Իր Աւարտին` «Նուհատ Նաուֆալ»  Մարզահամալիրին Մէջ

Թեքուանտօ. Ասիոյ 24-րդ Ախոյեանութիւնը Երէկ Գիշեր Հասաւ Իր Աւարտին` «Նուհատ Նաուֆալ» Մարզահամալիրին Մէջ

Երէկ գիշեր իր աւարտին հասաւ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցած Ասիոյ թեքուանտոյի 24-րդ ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան վերջին օրուան աւարտական մրցումները եւ որոնց յաջորդեց անոր փակման պաշտօնական հանդիսութիւնը (մանրամասնութիւնները` վաղուան մեր մարզական էջով): Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 38 երկիրներ Ասիայէն, Եւրոպայէն, Ափրիկէէն, Ամերիկայէն: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող բոլոր մարզիկներն ալ իրենց ամէն կարելին ըրին` իրենց երկրին համար...

Կռփամարտ.  Հայ Կռփամարտիկը Թեքնիք Նաք Աութով Յաղթեց  Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին

Կռփամարտ. Հայ Կռփամարտիկը Թեքնիք Նաք Աութով Յաղթեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին

Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի 22 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչներուն յաղթարշաւը կը շարունակուի: 60 քկ դասակարգին մէջ, Ժորժիկ Մարութեան, իր առաջին մենամարտին, բացառիկ յաղթանակ մը արձանագրեց իր ազրպէյճանցի մրցակիցին` Ժալալ Կառպանովի դէմ: Առաջին երկու ռաունտերուն, հայրենի կռփամարտիկը ունեցաւ հսկայական առաւելութիւն մը եւ անոր հարուածներէն մէկուն ընթացքին, անոր մրցակիցը ստացաւ յօնքի պատռուածք, որմէ ետք իրաւարարը դադրեցուց մենամարտը:...

Հայաստանի 16 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականը 4-0 Արդիւնքով Յաղթեց Լիբանանին

Հայաստանի 16 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը 4-0 Արդիւնքով Յաղթեց Լիբանանին

Նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ մեկնարկը տրուեցաւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի զարգացման ֆութպոլի մրցաշարքին: Հայաստանի ֆութպոլի 16 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ մրցեցաւ Լիբանանի իր հասակակից խումբին դէմ, արձանագրեց 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հայաստանի չորս անպատասխան կոլերը նշանակեցին Գագիկ Սիմոնեան (5-րդ), Սամսոն Յակոբեան (68-րդ եւ 90+1-րդ) եւ Գոռ Վանոյեան (86-րդ): Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Վահէ...

«Եւրօ-2020».  Իտալիա Կրկնեց Անպարտելի Շարքի Իր Մրցանիշը` 30 Մրցում. Թուրքիա Դարձեալ Պարտուեցաւ Եւ Դուրս Մնաց Առանց Կէտի

«Եւրօ-2020». Իտալիա Կրկնեց Անպարտելի Շարքի Իր Մրցանիշը` 30 Մրցում. Թուրքիա Դարձեալ Պարտուեցաւ Եւ Դուրս Մնաց Առանց Կէտի

«Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան երկու մրցումներ` Ա. խմբակին մէջ: Իտալիա, որ արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը, 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Կալեսը, բաւական հանգիստ ձեւով ապահովեց յաջորդ հանգրուանի` փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Մաթէօ Փեսսինա (39-րդ), մինչ Կալեսի մարզիկներէն մէկը 55-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Ռոպերթօ Մանչինիի գլխաւորած...

Քասփեր Քոզլովսքի` Եւրոպայի Ֆութպոլի  Ախոյեանութիւններուն  Ամէնէն Երիտասարդ Մասնակիցը

Քասփեր Քոզլովսքի` Եւրոպայի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւններուն Ամէնէն Երիտասարդ Մասնակիցը

Սպանիա-Լեհաստան ֆութպոլի մրցումին ընթացքին (1-1), որ կ՛իյնայ «Եւրօ-2020»-ի մրցաշարքի խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ (Ե. խմբակ), իբրեւ պահեստի մարզիկ դաշտ ներկայացած լեհ միջնապահ Քասփեր Քոզլովսքի, հանդիսացաւ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն ամէնէն երիտասարդ մասնակիցը (17 տարեկան եւ 246 օր): Այսպիսով, ան բարելաւեց շուրջ վեց օր առաջ անգլիացի միջնապահ` Ճուտ Պելինկեմի հաստատած մրցանիշը (17 տարեկան եւ 349 օր):  

Մեմֆիս Տեփայ Միացաւ  Պարսելոնայի

Մեմֆիս Տեփայ Միացաւ Պարսելոնայի

Քաթալոնական Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ նետերլանտներու ֆութպոլի ազգային խումբի 27 տարեկան յառաջապահ Մեմֆիս Տեփայ միացաւ իրենց կազմին: Ֆրանսական Լիոնի նախկին ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2023 թուականը: Նկատի ունենալով, որ ան իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ այժմ կը մասնակցի «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, անոր շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ այս ախոյեանութեան աւարտէն ետք: 2017-ին Լիոնի միացած Թեփայ անոր...

Լիբանան Ապահովեց Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակի  Մրցաշարքի Աւարտական Հանգրուանի Եւ 2022-ի  Մոնտիալի Զտումի Բ. Հանգրուանի Մրցումներուն Իր Տոմսը

Լիբանան Ապահովեց Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարքի Աւարտական Հանգրուանի Եւ 2022-ի Մոնտիալի Զտումի Բ. Հանգրուանի Մրցումներուն Իր Տոմսը

Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, իր պատմութեան մէջ երրորդ անգամ ըլլալով ապահովեց Ասիոյ բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումներու իր տոմսը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ 2023-ին` Չինաստանի մէջ: Մայրիներու կազմը առաջին անգամ իր տոմսը ապահոված էր 2000-ին, երբ հիւրընկալած էր մրցաշարքը, իսկ երկրորդը` 2019-ին, երբ մասնակցած էր զտումի մրցումներուն, որոնց աւարտական հանգրուանը տեղի ունեցած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ: Ասկէ բացի, Լիբանան...

Կռփամարտ. Եւրոպայի  Ախոյեանութիւն.  Հայրենի Երիտասարդ Մարզիկները  Սկսան Իրենց Պայքարին

Կռփամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայրենի Երիտասարդ Մարզիկները Սկսան Իրենց Պայքարին

Երէկ` հինգշաբթի, 17 յունիսին, Իտալիոյ մէջ մեկնարկը տրուեցաւ Եւրոպայի 22 տարեկանէն վար կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի կռփամարտի երիտասարդական հաւաքականը: Ախոյեանութեան առաջին օրը հայ մարզիկներէն մրցասպարէզ դուրս եկաւ միայն 69 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Արմէն Մաշակարեան: Նշենք, որ Հայաստանի տղոց հաւաքականը Կարէն Աղամալեանի գլխաւորութեամբ Իտալիա մեկնեցաւ 8 մարզիկով: Այս ախոյեանութեան Հայաստան ունի նաեւ երկու մարզիկ`...

«Եւրօ-2020».  Պելճիքա, Ուքրանիա  Եւ Նետերլանտներ Յաղթական

«Եւրօ-2020». Պելճիքա, Ուքրանիա Եւ Նետերլանտներ Յաղթական

Երէկ` հինգշաբթի, 17 յունիսին, «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ կատարուեցան երեք ճակատումներ: Այդ երեք մրցումներուն յաղթականները եղան Պելճիքա, Ուքրանիա եւ նետերլանտներ: Բ. խմբակին մէջ, Պելճիքա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Դանիան` այսպիսով արձանագրելով իր երկրորդ յաղթանակը, մինչ Դանիոյ համար անիկա հանդիսացաւ երկրորդ պարտութիւնը: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ Պելճիքա ապահովեց փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը: Անոր օրինակին հետեւեցան նաեւ Նետերլանտներ, որոնք...

Մանչեսթըր Եունայթըտ 17 Միլիոն Սթերլինկ  Աշխատավարձ Առաջարկեց Ռոնալտոյին

Մանչեսթըր Եունայթըտ 17 Միլիոն Սթերլինկ Աշխատավարձ Առաջարկեց Ռոնալտոյին

Իտալական անուանի մարզական օրաթերթերէն «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր» յայտնեց, որ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը ամէն գնով կ՛ուզէ իր կազմին վերադարձնել Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն: Մանչեսթըր Եունայթըտ պատրաստ է 36 տարեկան ֆութպոլիստին վճարելու տարեկան 17 միլիոն սթերլինկ աշխատավարձ: Ան 2003-2009 ժամանակամիջոցին մաս կազմած է Մանչեսթըր Եունայթըտին` անոր հետ երեք անգամ հանդիսանալով Անգլիոյ ախոյեան (այլ տիտղոսներու կողքին): Նշենք,...

Սերճիօ Ռամոս  Կը Հեռանայ Ռէալ Մատրիտէն

Սերճիօ Ռամոս Կը Հեռանայ Ռէալ Մատրիտէն

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոս պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը հեռանայ արքայական ակումբէն: Ռէալ Մատրիտի հետ փորձառու յետսապահին պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի 30 յունիսին: Երկու կողմերը պիտի չերկարաձգեն իրենց համագործակցութիւնը: 2005-ին Սեւիլլայէն Ռէալ Մատրիտին միացած Ռամոս արքայական ակումբին հետ կատարեց 671 մրցում, նշանակեց 101 կոլ եւ կատարեց 40 էսիսթ: Ան մայրաքաղաքի կազմին հետ տիրացաւ բազմաթիւ...

Կենարօ Կաթուզօ Լքեց Ֆիորենթինան…  Պայմանագիր Կնքելէ Երեք Շաբաթ Ետք

Կենարօ Կաթուզօ Լքեց Ֆիորենթինան… Պայմանագիր Կնքելէ Երեք Շաբաթ Ետք

Իտալական Ֆիորենթինա ֆութպոլի ակումբը յայտարարեց, որ գլխաւոր մարզիչ Կենարօ Կաթուզօ հեռացաւ իր պաշտօնէն: Նախորդ 25 մայիսին կնքուած պայմանագրութիւնը կողմերը խզեցին փոխադարձ համաձայնութեամբ, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Իտալացի մասնագէտը պէտք էր իր պարտականութիւններուն սկսէր 1 յուլիսին: Սակայն իտալական մամուլը յայտնեց, որ երկու կողմերը իրարու հետ համաձայնութեան չեն եկած մարզիկներու փոխանցման հարցին մէջ: Նշենք, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 2020-2021...

Ճիանլուիճի Պուֆոն  20 Տարի Ետք Վերադարձաւ Փարմա

Ճիանլուիճի Պուֆոն 20 Տարի Ետք Վերադարձաւ Փարմա

Իտալացի անուանի եւ փորձառու բերդապահ, աշխարհի ախոյեան Ճիանլուիճի Պուֆոն 20 տարի ետք վերադարձաւ Փարմա, այս մասին պաշտօնապէս յայտարարեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այժմ 43 տարեկան Պուֆոն նախապէս Փարմայի մաս կազմած է 1991-2001 ժամանակամիջոցին` անոր հետ տիրանալով երեք տարբեր տիտղոսներու: Յուլիս 2001-ին ան միացաւ Եուվենթուսի, որուն մաս կազմեց 17 տարի: Ապա ան իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ որոշեց մաս կազմել ֆրանսական Փարիզ ՍենԺերմենին:...

Թենիս.  Նատալ Պիտի Բացակայի Ուիմպըլտընի  Մրցաշարքէն Եւ Թոքիոյի  Ողիմպիականի Խաղերէն

Թենիս. Նատալ Պիտի Բացակայի Ուիմպըլտընի Մրցաշարքէն Եւ Թոքիոյի Ողիմպիականի Խաղերէն

Թենիսի 20 կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսներու տիրացած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ որոշեց իր մասնակցութիւնը չբերել Ուիմպըլտընի մրցաշարքին եւ Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն: «Որոշեցի այս տարի տեղի ունենալիք Ուիմպըլտընի մրցաշարքին եւ Թոքիոյի ողիմպիականի խաղերուն մասնակցութիւնս չբերել` ֆիզիքական աւելի լաւ վիճակի մէջ գտնուելու համար»: «Ուիմպըլտըն»-ի եւ «Ռոլան-Կարոս»-ի մրցաշարքերուն միջեւ եղող ժամանակամիջոցը, որ երկու շաբաթ է, քիչ մը քիչ է լաւապէս հանգչելու համար: «Այս...

Պասքեթպոլ.  Բացառիկ Տաղանդ Ունեցողներու Զտումի  Մրցաշարքին Մրցումները` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ»  Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Պասքեթպոլ. Բացառիկ Տաղանդ Ունեցողներու Զտումի Մրցաշարքին Մրցումները` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Հաւանութեամբ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան պասքեթպոլի բացառիկ տաղանդ ունեցողներու տրիպըլի եւ թրի փոյնթի զտումի մրցաշարքին մրցումները: Մրցաշարքին ներկայ գտնուեցան Ռիատիէն Ամիր Սէուտ, իսկ ՀՄԸՄ Անթիլիասէն` Նենսի Մաալուֆ: 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար, ինչպէս նաեւ 18 տարեկանէն վեր տղոց եւ աղջկանց այս զտումի...

Page 496 of 1279 1 … 495 496 497 … 1,279

Արխիւներ