Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հրաչեայ Ռոստոմեան երէկ հանդիպեցաւ պասքեթպոլի մարզիչներուն հետ:
Այս հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընթացիկ աշխատանքները եւ յառաջիկային իրագործուելիք ծրագիրները, որոնց կարգին` յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար աղջկանց ախոյեանութեան «Չելընճ»-ի կայացումը: Անոնք նաեւ անդրադարձան Հայաստանի պատանեկան ախոյեանութիւններու արդիւնքներուն:
Նշենք, որ «Չելընճ» մրցաշարքի Դ. խմբակին մրցումները տեղի պիտի ունենան 13-18 յուլիսին, Երեւանի նախկին Միքա մարզահամալիրին մէջ:



